Գառնիկ Սարգիսեան (Karnig Sarkissian) - Սերոբ Փաշայի Երգը
Սերոբ Փաշայի Երգը
Ով որ քաջ է ի՞նչ կը սպասէ,
Արդէն ժամանակն է թո՛ղ գայ,
Մահ—պատերազմի օրհաս է,
Ո՛վ որ անվախ,քաջ է թո՛ղ գայ։
Կամ կռուելով մեռնինք անցնինք,
Կամ զէնքով փրկութիւն ստանանք.
Կռուելով փրկենք հայրենիք,
Ազնիւ մտածողը թո՛ղ գայ։
Այս հինգ դար է մեզ կը սպաննեն,
Բռնի կրօնքէ մեզ կը հանեն,
Մեր կին աղջիկները կը տանեն,
Պատիւ ունեցողը թո՛ղ գայ։
Քարէ հոգի,երկաթէ մարդ
Հալածէ թո՛ղ վատը նամարդ,
Անվախ՝ քարի տակ չոքողը,
Անսխալ խփողը թո՛ղ գայ։
Վերջապէս մենք ունինք կռիւ,
Զէնքով պիտ՛ մաքրենք հաշիւ.
Մեր հայրենեաց փառքն ու պատիւ,
Սերոբ փաշան սիրողը թո՛ղ գայ։
Ещё видео!