Կանք Մենք...
Ռազմահայրենասիրական Բանաստեղծութիւն, Տ. Սերոբ Քահանայ Ազարեան
Music bby: Unlucky For Some - Extreme Music - Gregor Norholz
AdRev for a 3rd Party On behalf of: Extreme Music
Overture (From "Fall of the Roman Empire") - The City of Prague Philharmonic Orchestra.
Koch Entertainment On behalf of: Silva Screen Records
To the Pirate's Cave / Skull and Crossbones (From "Pirates of the Caribbean: The Curse of the Black Pearl") - The City of Prague Philharmonic Orchestra
The Orchard Music On behalf of: Silva Screen Records
Բանաստեղծութիւնը պատմական պատկերաւորումներով կը ներկայացնէ Հայ Ժողովուրդին պատմութեան հանգրուանները, սկսելով Հայոց Ցեղասպանութեան անմոռանալի, աննախընթաց եւ անկրկնելի Եղեռնագործութեան մասին, գործուած դարաւոր Թուրք թշնամիին կողմէ, երբ ցեղասպանագործները յաջողեցան պարպել մեր դարաւոր Հայրենիքը իր բնիկ տարրէն եւ կործանել մեր մշակոյթը եւ շունչը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։
Սակայն Թուրքը չյաջողեցաւ իր վերջնական նպատակին հասնելու եւ մեզ վերջնականապէս բնաջնջելու երկրի երեսէն։ Բանաստեղծութիւնը ցոյց կուտայ հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ մեր պատմութիւնը եւ բնիկ տարր լինելը Հայաստանի պատմական հողին վրայ, մեր հայրենասէր թագաւորները, իշխանները եւ ժողովուրդը, եւ անոնց մղած պայքարները ազատ ապրելու համար, եւ անցնելով ներկային՝ կը ցուցնէ Հայոց աննկուն անընկճելի ապրելու եւ գործելու կամքը, որ մենք տակաւին Հայ ենք, եւ կը գրենք, կը խօսինք, կը գործենք, կ՛աղօթենք, կ՛ստեղծագործենք եւ նոյն ձեւով պիտի շարունակենք եւ մնանք որպէս Հայ։
Երրորդ եւ չորրորդ երեսներով Հայ ժողովուրդի միահամուռ, միակամ լինելու եւ ապրելու, եւ ի հեճուկս բոլոր թշնամիներուն մնալու եւ պայքարելու պատկերներն են։ Հայը կայ իր ժողովուրդով, ազգային բանակով, գիրով, մշակոյթով, անցեալով, ներկայով եւ ապագայով։ Վերջին պատկերը մեզ ցոյց կուտայ Մայր Հայաստանը որուն հրավառ լուսափայլ աչքերը միշտ մեր վրայ են, մեզ զօրացնող եւ մեզմով՝ իր որդիներով զօրացող։Մեր գոյութիւնը չի ջնջուիր այս աշխարհէն, Աստուածային պահպանութեամբ եւ մեր ժողովուրդին իր Ազգային, Հայրենասիրական, Քրիստոնէական եւ Ընտանեկան արժէքներուն կառչած մնալով։ Մենք Կանք եւ պիտի Մնանք Աստուծոյ Կամքով։
Տ. Սերոբ Քահանայ Ազարեան
© Մայիս 23, 2013
Ещё видео!