“Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ. թող անիկա բարի վարմունքով ցուցնէ իր գործերը եւ իմաստութեան հեզութիւնով։ Ապա եթէ դառն նախանձ եւ հակառակութիւն ունենաք սրտերնուդ մէջ, մի՛ պարծենաք ու ճշմարտութիւնը սուտ մի՛ հանէք։ Այս իմաստութիւնը վերէն իջած չէ, հապա երկրաւոր, շնչաւոր եւ դիւական է։ Քանզի ուր նախանձ ու կռիւ կայ, հոն են անկարգութիւնը եւ ամէն չար բաները։ Բայց վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ։ Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն։” ՅԱԿՈԲՈՒ 3:13-18
Ещё видео!