– «Սուրիահայութիւնը տակաւին ներուժ ունի»
Գերաշնորհ Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի հետ կայացած հարցազրոյցի ընթացքին «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ զրոյցը կեդրոնացաւ Սրբազան հօր հրատարակած «Իննսունամեայ հունձքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին» երախտաշատ աշխատանքին վրայ։ 1930-2020 երկարող ժամանակահատուածի 101 հոգեւորականներու կենսագրութիւնները ի մի բերուած են մէկ հատորի մէջ։ 8 Կաթողիկոսներու կողքին՝ հոն տեղ գտած են եպիսկոպոսներու, վարդապետներու եւ աբեղաներու կենսագրութիւնները։
Անդրադարձ կատարուեցաւ Սրբազան հօր Բերիոյ թեմին 27 տարիներու ծառայութեան։ Սուրիահայութեան հոգեւոր եւ համայնքայինկեանքի կազմակերպմանմէջ մեծ եղած է Սուրէն Սրբազանի դերակատարութիւնը։
Իր առաջնորդութեան օրով կեանքի կոչուած է Տէր Զօրի Սրբոց նահատակաց մատուռը, որ հայ ազգի յիշողութեան վկայարանն է, կառուցուած հոն, ուր կատարուած է 20-րդ դարու մեծագոյն եղեռնագործութիւնը։ Սրբազանը անհրաժեշտ նկատեց թրքական գործակալներու կողմէ ականահարուած մատուռին վերականգնումը։
Անդրադառնալով ՀՅԴի հետ իր երկարամեայ համագործակցութեան փորձառութեան, Սրբազանը վեր առաւ կուսակցութեան գործունէութիւնը, ըսելով «ես կ’աղօթեմ, որ Դաշնակցութիւնը շարունակէ ամբողջական Հայաստանի կերտման իր առաքելութիւնը»։
Ещё видео!