“Օր մը Պետրոս ու Յովհաննէս իններորդ ժամու աղօթքին ատենը մէկտեղ տաճար գացին։ Հոն իր մօրը որովայնէն կաղ ծնած մարդ մը կը բերէին եւ ամէն օր տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրանը քով կը դնէին, որպէս զի տաճարը մտնողներէն ողորմութիւն խնդրէ։ Ան՝ տեսնելով Պետրոսը եւ Յովհաննէսը, որ տաճարը մտնելու վրայ էին, կ’աղաչէր որ ողորմութիւն տան։ Իսկ Պետրոս Յովհաննէսին հետ մէկտեղ անոր նայեցաւ ու ըսաւ. «Մեզի՛ նայէ»։ Ան ալ դէպի անոնց դարձաւ ու կը յուսար թէ անոնցմէ բան մը պիտի առնէ։ Պետրոս ըսաւ. «Արծաթ ու ոսկի չունիմ, հապա ինչ որ ունիմ՝ զայն քեզի կու տամ։ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունով ելի՛ր ու քալէ՛»։ Անոր աջ ձեռքէն բռնեց ու վերցուց զանիկա ու իսկոյն անոր ոտքին թաթերը ու կոճերը զօրացան։ Եւ վեր ցատկելով կայնեցաւ ու քալեց եւ անոնց հետ տաճարը մտաւ, քալելով ու ցատկելով եւ Աստուած օրհնելով։ Բոլոր ժողովուրդը տեսաւ զանիկա որ կը քալէր ու Աստուած կ’օրհնէր։ Գիտէին թէ ան ողորմութեան համար տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրանը քով կը նստէր։ Զարմանքով ու ապշութեամբ լեցուեցան այս եղած բանին համար։” ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 3:1-10
Ещё видео!